image

Ուաշինթըն կը սպառնայ հարուածել Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը

Ուաշինթըն կը սպառնայ հարուածել Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը

Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս ԱՄՆ յանձնակատար Նիքի Հէյլի զգուշացուցած է Սուրիոյ հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի անգործութենէն, ըսելով, որ իր երկիրը կրնայ առանձինը Սուրիա մտնել, եթէ խորհուրդը գործի չանցնի: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը:

 

Ան իր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ կառավարութեան, ըսած է. «Միացեալ Նահանգները պատրաստ է շարժելու, երբ անհրաժեշտ  ըլլայ, ինչպէս որ ըրած է անցեալ տարի, երբ հրթիռներ արձակեց Սուրիոյ կառավարութեան օդային ռազմակայանին վրայ՝ քիմիական զէնքի օգտագործման պատճառով »:

 

Ան Անվտանգութեան խորհուրդին բացատրած է, որ «սա իրենց նախընտրած ուղին չէ, բայց իհարկէ  ուղի մըն է որ յստակեցուցած են եւ պատրաստ են անգամ մը եւս այդ ուղղութեամբ երթալ»:

 

Միացեալ Նահանգները Անվտանգութեան խորհուրդի 15 երկիրներու անդամներուն հետ շրջանառութեան մէջ դրած է բանաձեւի մը նախագիծը, կոչ ընելով անյապաղ դադարեցնել մարտերը 30 օրուան ժամկէտով, սակայն դեռ պարզ չէ, թէ երբ օրինագիծը քուէարկութեան կը ներկայացուի: