image

Ղութայի ազատագրումէն ետք Ասատ կարեւոր ճառ մը պիտի արտասանէ

Ղութայի ազատագրումէն ետք Ասատ կարեւոր ճառ մը պիտի արտասանէ

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ Սուրիոյ ժողովուրդին կարեւոր ուղերձ պիտի յղէ, Ղութայի եւ Դամասկոսի ամբողջական ազատագրումէ եւ ահաբեկիչներու որջերը մաքրելէ ետք, երբ Սուրիոյ բանակը արդէն ազատագրած կ'ըլլայ Սուրիոյ հարաւային շրջանէն մինչեւ Սուայտաա հասնող տարածքը, այսինքն համարեայ ամբողջական յաղթանակ տարած կ'ըլլայ, կը գրէ «Ալ-Տիար»:

 

Նախագահ Ասատ պիտի յայտարարէ իր դիրքորոշման մասին՝ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ: Ան պիտի ըսէ՝ ոչ մէկ բանակցութիւններ՝ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներկայութեամբ պնդելով, որ ՄԱԿ-ի որոշումները վարչակարգին  եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութեան ենթակայ չեն, այնքան ժամանակ որ ահաբեկչական ընդդիմութիւնը մեծ շրջաններու մէջ Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան գերութեան մէջ կը պահէ եւ հրթիռներ ու կործանիչ զէնքեր կ'օգտագործէ, ինչը Ասատ կը մերժէ, որպէս Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ եւ սուրիական բանակի բարձրագոյն հրամանատար:

 

«Տիար»ի համաձայն, Ասատ նաեւ պիտի յայտարարէ Իտլիպ մտնելու մասին եւ պիտի հրահանգէ Սուրիոյ բանակին ներխուժել Իտլիպի ամբողջ տարածքը, անկախ անկէ Թուրքիան կ'ընդունի թէ ոչ: Ան նաեւ զօրքեր պիտի ուղարկէ Սուրիա-Իրաք սահմանին: