image

Բրիտանիոյ մէջ Իսլամներուն պատիժի օ՞ր». Ոստիկանութիւնը կանխազուշական քայլեր կը կատարէ (Լուսանկար)

Բրիտանիոյ մէջ Իսլամներուն պատիժի օ՞ր». Ոստիկանութիւնը կանխազուշական քայլեր կը կատարէ (Լուսանկար)

Անցնող օրերուն Բրիտանիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ թերթիկներ տարածուած են, որ կոչ կ'ընեն մասնակցելու «Իսլամներուն պատիժ»ի օրուան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով որ այդ կոչի նկարները տարածուած են նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ, որոնց մէջ նշուած է իսլամներու դէմ իրականացուելիք բռնի գործողութիւններու ցանկը եւ կատարման վայրերը:

 

Բրիտանիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերը անդրադառնալով այդ կոչին, գտած են, որ անոնք հնարաւոր ատելութեան յանցագործութիւններու կրնան յանգեցնել:

 

Հակաիսլամական շարժումները հսկող «Թիլ մամա Եու Քիէ» կազմակերպութեան նախագահ Իյման Աթթա ըսած է, որ այս կոչերը «սարսափ կը տարածեն համայնքին մէջ», աւելցնելով, որ անոնք բազմաթիւ մտահոգութիւններ առաջացուցած են, որոնք մինչ այդ չեն եղած ժողովուրդին մօտ, որոնք սկսած են կասկածներ առաջ բերել իրենց մօտ, թէ արդեօք ապահով են, եւ արդեօք երեխաները կրնան անվտանգ ունէն դուրս գալ:

 

Այս կոչերը թերթիկներու ձեւով գտնուած են համայնքի տուներու դռներուն, կարգ մը մարդիկ նաեւ այդ մասին սպառնացող զանգեր ստացած են:

 

«Այս նամակներու նպատակն է բրիտանացիներուն մօտ վախ առաջացնելը»,- ըսած է Աթթա, համոզմունք յայտնելով, որ զայն ուղարկողները պիտի ձախողին իրենց նպաատակին մէջ:

 

Ան նաեւ նշած է, որ այս գործով ոստիկանութեան հետ խօսած է, եւ քննիչները իրեն ըսած են, որ հաւանական է, որ այդ կոչերուն յաջորդեն «շարք մը յարձակումներ»: