image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հայրս Ստալինի անձանակազմին մաս կը կազմէր. Նախագահ Փութինի բացայայտումը

Մեծ հայրս Ստալինի անձանակազմին մաս կը կազմէր. Նախագահ Փութինի բացայայտումը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ իր հօրական պապը աշխատած է նախկին երկու ղեկավարներու՝ Վլատիմիր Լենինի եւ Ժոզեֆ Ստալինի մօտ: Այս մասին «Lebanon 24»ի համաձայն Փութին ըսած է կիրակի օր, համացանցի մէջ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ, ուր ան յայտնած է, որ իր հօրական պապը եղած է Լենինի եւ Ստալինի խոհարարը:

 

ՌԴ նախագահը երկու ժամ տեւողութեամբ տեսանիւթին մէջ նաեւ ըսած է, որ Սփիրիտոն Փութինը Ստալինի գրասենեակի անձնակազմի կարեւոր անդամներէն էր: Ան նաեւ նշած է, որ 1953-ին մահացած Խորհրդային Միութեան առաջնորդը իր իշխանութեան երեք տասնամեակի ընթացքին սկսած էր լայնամաշտապ մաքրազերծում իրականացնել:

 

Փութին նաեւ յիշած է, որ իր մեծահյրը «նախ Լենինի մօտ խոհարար էր, իսկ յետոյ` Ստալինի, Մոսկուայի մէջ»:

 

Քրեմլի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հաստատած է, որ ֆիլմի մէջ նշուած բոլոր տուեալները ճշգրիտ են: