image

Ղութան համարեայ ազատագրուած է. Քուէյթը100 միլիոն տոլար կը յատկացնէ անոր վերակառուցման համար

Ղութան համարեայ ազատագրուած է. Քուէյթը100 միլիոն տոլար կը յատկացնէ անոր վերակառուցման համար

Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա շրջանի ամբողջապէս Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ անցնիլը կարծես շուրջ երկու շաբթուան հարց է, կը գրէ «Lebanon 24»ը, աւելցնելով, որ այդ ժամանակը կրնայ աւլի կարճ ըլլալ՝ մի քանի օրուան ընթացքին:

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Սուրիական բանակը յաջողած էր մտնել եւ գրաւել ռազմավարական դիրք ունեցող Հարասթա քաղաքը, ինչը աւել դիւրացուցած է անոր Տումա քաղաքաի ազատագրումը:

Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, այս երկարատեւ մարտերու եւ օդային յարձակումներու հետեւանքով Արեւելեան Ղութան, յատկապէս Հարասթա եւ Տումա քաղաքները  քարուքանդ եղած են:

 Այս առումով, Քուէյթի էմիրը իր վիշտը յայտնելով Ղութայի մէջ թափուած արիւնի եւ զոհուած երեխաներուն համար, յայտարարած է  Ղութայի վերակառուցման համար 100 միլիոն տոլար  տրամադրելու նախաձեռնութեան մասին:

Փորձագէտներ նշած են, որ այդ գումարը՝ 100 միլիոն տոլարը կրնայ վերակառուցել արեւելեան Ղութան:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Քաթար եւս 100 միլիոն տոլար յատկացնելու մտադրութեան մասին յայտնած է, իսկ Իրան առաջարկ ներկայացուցած է Արեւելեան Ղութայի ճանապարհներու վերաբացման, մայթերու կառուցման գործը ստանձնելու վերաբերեալ, ինչպէս որ ըրած էր հարաւային Լիբանանի մէջ: