image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի նախկին Նախագահ Հոլլանտ. Մենք պատրաստ էինք տապալել Ասատը , 2013-ին, բայց...

Ֆրանսայի նախկին Նախագահ Հոլլանտ. Մենք պատրաստ էինք տապալել Ասատը , 2013-ին, բայց...

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ  «France 24» կայանին տուած յայտարարութեան մէջ յայնած է  Սուրիական թղթածրարի լուծման համար իր երկիր կատարած բազում փոձերու մասին: Անոր համաձայն Ֆրանսա միշտ փորձած է համոզել Անվտանգութեան խորհուրդին եւ Ֆրանսայի միջազգային գործընկերներուն քուէարկել Սուրիոյ մէջ ընդհարումներու դադարեցամն որոշման կողմ, սակայն մինչեւ օրս չէ յաջողած իր փորձին մէջ:

 

Հոլլանտ ըսած է, որ այդ  ձախողութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ նաեւ Ֆրանսան, այնքանով, որ 2013-ի օգոստոսին  որոշում չկայացնելու եւ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքը ոչնչացնելու ուղղութեամբ առաջ չշարժելու եւ բանակցային մակարդակի վրայ մնալ բաւաարուելով:

 

Կը նշուի, որ Հոլանտ Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն երկու տարի անց՝ 2013-ին ուզած էր մտնել Սուրիա, սակայն ան հրաժարած էր հարուածելէ, ԱՄն նախագահ Պարաք Օպամայի զինք աջակցիլ մերժելէ ետք: