image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ ընդդիմութեան դաշնութեան նախագահը հրաժարական տուած է

Սուրիոյ  ընդդիմութեան դաշնութեան նախագահը հրաժարական տուած է

Սուրիական ընդդիմութեան դաշնութեան նախագահ Ռիատ Սէյֆ յայտարարած է իր հրաժարականի մասին, վերջին շրջանին անոր առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով: Այս ամսին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ»ը:

 

Հինգշաբթի 9 մարտին, Դաշնութեան Գլխաւոր Մարմնին ուղղած իր նամակին մէջ, Սէյֆ ըսած է. «Իմ առողջական վիճակը վատացած է վերջին շրջանին եւ այլեւս ի վիճակի չեմ իմ պարտականութիւններս կատարելու որպէս Դաշնութեան  նախագահ», աւելցնելով, «Ձեզ կը ներկայացնեմ իմ հրաժարականը, յուսալով, որ յաջողիք նոր նախագահ ընտրելու մէջ», եւ իր խօսքի աւարտին բոլորին  մաղթելով յաջողութիւններ իրենց առաքելութեան մէջ:

 

Նշենք որ Դաշնութեան Գլխաւոր Մարմինը 6 մայիս 2017-ին Ռիատ Սէյֆին ընտրած էր 6-րդ նախագահ: Ան կը համարուի Սուրիական ընդդիմութեան յայտնի դէմքերէն մէկը: Ան երկու անգամ ձերբակալուած էր նախքան Սուրիոյ ճգնաժամի սկիզբը: