image

Առեւանգում եւ պատանդներ՝ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս

Առեւանգում եւ պատանդներ՝  Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս

Իսրայէլեան բանակի յատուկ ուժերն ու ոստիկանութիւնը այս շաբաթ ռազմափորձ մը կատարած են պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքէն ներս, Թէլ Աւիւի մէջ, որ կը ձեւացնէ  առեւանգման եւ պատանդ վերցնելու փորձ: Այս մասն «Ալ-Ժատիտ»ի համաձայն, յայտնած է Հրէական երկրորդ կայանը :

Հրէական ​​անվտանգութեան հաստատութիւնը կ'ենթադրէ, որ այս ռազմավարական կայանը կրնայ  թշնամական կողմերու թիրախ դառնալ, հետեւաբար, իշխանութիւնները կը պատրաստուին անոր պաշտպանութեան ապահովման:

 

Տեսանիւթին մէջ, ուր նկատահանուած է ռազմափորձը, կ'երեւի թէ ինչպէս զինեալներ փոխադրող ինքնաշարժը կը հասնի նշեալ վայր եւ վրաերթի փորձ կատարելով, նախարարութեան շէնք ներխուժելով կը պաշտպանուի, որմէ ետք կ'երեւին յատուկ ուժերիը, որոնք բանակցութիւններ կը վարեն զինեալներուն հետ, մինչեւ վերջիններուն յանձնուիլը: