image

Տահէշ կոչ կ'ընէ իսլամներուն գաղթելու դէպի «Իսլամական Պետութիւն». Ո՞ւր է անոնց նոր ուղղութիւնը

Տահէշ կոչ կ'ընէ իսլամներուն գաղթելու դէպի «Իսլամական Պետութիւն». Ո՞ւր է անոնց նոր ուղղութիւնը

«Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը տեսանիւթ մը տարածած է, ուր կոչ կ'ընէ աշխարհի իսլամներուն Աֆղանիստան կեդրոնանալ (ուղղուիլ),մասնաւորապէս հիւսիսային Կոզկան եւ արեւելեան Նանկարհար նահանգները:

Աֆղանիստանի նախկին անունով կոչուաող «Խորասանի նահանգ»ի կողմէ պատրաստած 25 վայրկեաննոց տեսանիւթին մէջ երեւցող զինեալները, որոնք կը գտնուին Թորա Պորա լեռներուն մէջ, ծաղրանքով կը կրկնեն եւ կը հեգնեն Տանըլտ Թրամբի խօսքերը՝ Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ ծայրայեղական կազմակերպութիւնները ոչնչացնելու մասին:

 

4 մարտին հրապարակուած եւ «Աստուծոյ ընդարձակ  երկիրը» խորագիրը կրող այս տեսանիւթին մէջ արաբերէն լեզուով խօսող զինեալներէն մէկը կ'ըսէ.«Աշխարհի բոլոր իսլամները պէտք է գաղթեն «իսլամական պետութիւն» եւ անոր ներքոյ ապրին, որպէսզի վայելեն Շարիհայի գերակայութիւնը եւ արդարութիւնը »:

 

Նշենք, որ «Տահէշ» Աֆղանիստանի մէջ յայտնուած էր   2015-ի սկիզբը, յատկապէս անոր արեւելեան Նանկարհար եւ Քունար շրջաններուն մէջ, որմէ ետք՝ 2017-ին ընդարձակուած էր դէպի հիւսիս՝ Կոզկան նահանգի մի քանի շրջաններուն մէջ: