image

Քնեսեթը Պաղեստինցիները իրենց քաղաքէն հեռացնելու մասին օրէնք հաստատած է

Քնեսեթը Պաղեստինցիները իրենց քաղաքէն հեռացնելու մասին օրէնք հաստատած է

Իսրայէլի խորհրդարանը 7 մարտին, վաւերացուցած է օրէնք մը, որ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարին կ՛արտօնէ պաղեստինցիներուն իրենց քաղաքէն՝ Արեւելեան Երուսաղէմէն  հեռացնելը, անոնցմէ վերցնելով «մշտական կեցութեան» արտօնագիրները: Այս մասին  լուրը  կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը նշելով, որ սա ամենանոր օրէնքն է, որ կը սպառնայ գրաւեալ սուրբ քաղաքին մէջ պաղեստինցիներու ներկայութեան:

Քնեսեթի կողմէ ընդունուած օրէնագիծին մէջ   նշուած է, որ կեցութեան արտօնագրերը ջնջելու իրաւասութիւն տալը եղած է այն պաղեստինցիներուն համար, որոնք «կը խախտեն վստահութիւնը»՝ Իսրայէլի կամ անոնք, որոնք վտանգ կը սպառնան անվտանգութեան կամ  Իսրայէլի կողմէ ահաբեկչական նկատուած կազմակերպութիւններու հետ կապ ունին:

Քնեսեթի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ խորհրդարանէն ներս օրէնքին կողմ քուէարկած է  48 ձայն,  դէմ՝ 18-ը  եւ 6՝ ձեռնպահ մնացած է:

Նշենք, որ Թէլ Աւիւը գրաւեալ Երուսաղէմի եւ Կոլանի ժողովուրդին իսրայէլեան քաղաքացիութիւն չի շնորհեր, այլ «մշտական կեցութեան» քարտ կու տայ, համաձայն 1967-ի պատերազէմն ետք ընդունուած կցումի օրէնքին: