image

Ապտիւլ Համիտի քրոջ խնդրագիր նամակը Աթաթուրքին. Մի կրակէք իմ վրաս, թոյլ տուէք մեռնիլ սենեակիս մէջ

Ապտիւլ Համիտի քրոջ խնդրագիր նամակը Աթաթուրքին. Մի կրակէք իմ վրաս, թոյլ տուէք մեռնիլ սենեակիս մէջ

Թրքական ԶԼՄ-ներ հրապարակած են Սուլթան Ապտիւլ Համիտի քրոջ կողմէ Քեմալ Աթաթուրքին ուղարկուած հեռագիրի օրինակը, որ գրուած էր անոր ընտանիքի անդամներուն երկրէն աքսորելու որոշման հրապարակման յաջորդ օրը: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:

 

«Հապերթուրք»ի համաձայն, այս փաստաթուղթի հրապարակումը կը զուգադիպէր Օսմանեան կայսրութեան անկման 94-րդ տարելիցին:

 

Թերթը կը գրէ, որ Սուլթան Ապտուլ Համիտի քոյր Սանիհան իր գրած հեռագրին մէջ աղաչած է Քեմալ Աթաթուրքին, որպէսզի չսպաննէ զինք եւ արտօնէ, որ ան իր կեանքի վերջին օրերը անցնէ իր սենեակին մէջ, ըսելով. «Ես շատ տարեց եմ, կը խնդրեմ, մի՛ կրակէք իմ վրայ, կը խնդրեմ թոյլատրէք, որ իմ կեանքիս վերջին օրերը սենեակէս ներս անցնեմ», աւելցնելով, որ ինք այժմ 78 տարեկան է եւ նոյնիսկ իր սենեաէն դուրս գալու կարողութիւն չունի:

 

Քեմալ Աթաթուրքը եւ Հանրապետութեան իշխանութիւնները սակայն ականջ չէին տուած Ապտուլ Համիտի քրոջ աղերսին եւ ան Օսմանեան տոհմի 155 անդամներու հետ միասին աքսորուած էր երկրէն դուրս:

 

Սանիհա սուլթանուհին  իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած էր ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ, ուր եւ մահացած էր 1931-ին: