image

Ի՞նչ յայտնաբերած է Սուրիոյ մաքսային ծառայութիւնը

Ի՞նչ յայտնաբերած է Սուրիոյ մաքսային ծառայութիւնը

Սուրիոյ Մաքսային ծառայութեան գլխաւոր վարչութեան տնօրէններէն մէկը Դամասկոսի արուարձաններէն Ատրայի մօտակայքը կովերու բուծանման ագարակ մը յայտնաբերած է, ուր 160 արտասահմանեան կով կը բուծանուի, որոնք մաքսազերծման փաստաթուղթեր չունին:

«Ալ Ուաթան» թերթին փոխանցմամբ, մաքսային ծառայութեան վարչութիւնը փորձաքննութիւն նշանակած է, կովերու տեսակն ու արտահանող երկիրը որոշելու համար:

Իր հերթին ագարակապանը յայտնած է, որ կովերէն միայն 12-ը ապօրինի կերպով բերուած է երկիր, իսկ մնացեալը տեղական կովեր են:

Միւս կողմէ մաքսային վարչութիւնը Դամասկոսի երեք հիւանդանոցներու մէջ ապօրինի կերպով ներմուծուած սարքեր յայտնաբերած է, որմէ ետք յիշեալ հիւանդանոցներու տնօրէնները մաքսային վարչութեան հետ հաշտեցում իրականացնելու նպատակով անոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ միլիոն սուրիական լիրա ի պահ յանձնած է վարչութեան, նկատի ունենալով, որ այն յարմարագոյն միջոցն է կատարուած սխալն ուղղելու համար: