image

Դամասկոս- Եւրոպա թռիչքները պիտի վերսկսի՞ն

Դամասկոս- Եւրոպա թռիչքները պիտի վերսկսի՞ն

Սուրիոյ Երթեւեկութեան նախարար Ալի Համմուտ Ժնեւի մէջ կայացած Երթեւեկութեան նախարարներու համաժողովի ընթացքին յայտնած է, որ մօտ օրերս պիտի քննարկուի վերստին դէպի Եւրոպա մեկնող թռիչքներու եւ Եւրոպայէն ժամանող օդանաւերը Դամասկոսի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարելու հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ շարք մը եւրոպական ընկերութիւններ արդէն դիմումներ ներկայացուցած են Սուրիոյ օակայաններուն հետ համագործակցութեան վերսկսման, եւ դրական պատասխան ստացած, սակայն անոնցմէ միայն մէկը իր երկրի համաձայնութիւնը նոյնպէս ստացած է ու ապահովագրական գործողութիւններէն ետք թռիչքները սկիզբ պիտի առնեն: