image

Ռուսական կործանիչնե՞ր Պէյրութի օդակայանին մէջ

Ռուսական կործանիչնե՞ր  Պէյրութի օդակայանին մէջ

Ամերիկեան «National Interest» ամսագիրը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յայտնած է, թէ Սուրիոյ մէջ օդային եւ ծովային ռազմակայաններ ձեռք բերելէն ետք, ներկայիս Ռուսիոյ աչքը Լիբանանի վրայ է:

Յօդուածագիրը որպէս հիմք նկատի ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւի կողմէ երկրի Պաշտպանութեան նախարարութեան  ներկայացուած առաջարկը, որ կը վերաբերի Լիբանանի հետ ռազմական համագործակցութիւն իրականացնելու նպատակով բանակցութիւններ իրականացնելուն:

Համագործակցութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է լիբանանեան օդակայաններն ու նաւահանգիստները բանալ ռուսական ռազմական օդանաւերու եւ նաւերու դիմաց, միաժամանակ ռուս ռազմական փորձագէտներ ուղարկել Լիբանան, լիբանանեան բանակի սպաներ վերապատրաստելու, այնուհետեւ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու համար:

Յօդուածագիրին կարծիքով, Լիբանանի հետ Ռուսիոյ համագործակցութեան հարցը ուշագրաւ պիտի ըլլայ այն առումով, որ ի տարբերութիւն Սուրիոյ, Լիբանան եւ իր բանակը արեւմտամէտ են, իսկ 2008 թուականին  Լիբանան մերժած էր «Միկ-29» տիպի 10 կործանիչ  ստանալ Ռուսիայէն:

Յօդուածագիրը նաեւ մէջբերած է լիբանանցի վերլուծաբան Թոնի Պատրանի տեսակէտը, թէ Լիբանան այժմ Իսրայէլէն պաշտպանուելու կարիք ունի, իսկ Ռուսիոյ հետ նման համաձայնութիւն կրնայ ԱՄՆ-ի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց ծառայել, եւ ստիպել առաւել մեծ քանակով զէնք տրամադրել Լիբանանին, վերջինս զերծ պահելու համար ԱՄՆ-ի թշնամի Ռուսիոյ հետ համագործակցելէ: