image

Ռուս զինուորները զոհուած են Ուքրանացի սպայի մը դաւաճանութեան հետեւանքով

Ռուս զինուորները զոհուած են Ուքրանացի սպայի մը դաւաճանութեան հետեւանքով

Սուրիոյ մէջ 250 ռուս վարձկան զինուորներու սպանութեան գործով ռուսական հետախուզական ծառայութիւնները կը շարունակեն քննութիւն իրականացնել:

«Ալ Տիար» լրատուական գործակալութեան համաձայն, վարձկան զինուորները ռուսական բանակի թոշակառու սպաներ էին, որոնք որպէս վարձկաններ ժամանած են Սուրիա, ուր եւ սպաննուած են ԱՄՆ օդային ուժերու իրականացուցած օդային հարուածներու հետեանքով:

Նշուած է նաեւ, որ Ռուսիա վերջիններս չ'ընդունիր որպէս իր բանակի զինուորները, եւ անոնց վերաբերեալ մահազդ չէ հրապարակած, սակայն ռուս ժողովուրդի բարձրացուցած աղմուկին ի պատասխան, Փութին հրաման արձակած է քննութիւն սկսիլ, որմէ եւ պարզ դարձած է, թէ ուքրանացի եւ սուրիացի երկու սպաներ դաւադրութեամբ ԱՄՆ ուժերը տեղեակ պահած են Սուրիոյ բանակի այն գունդի տեղաշարժին մասին, որուն շարքերուն կը պայքարին նշուած վարձկան զինուորները, որուն արդիւնքով ԱՄՆ ուժերը հարուածած ու սպանած են զանոնք: