image

Թուրքիա Աֆրինի մէջ քլոր կիրառած է. Կան 81 քիւրտ վիրաւորներ

Թուրքիա Աֆրինի մէջ քլոր կիրառած է. Կան 81 քիւրտ վիրաւորներ

Աֆրինի մէջ Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն պատկանող հիւանդանոցին մէջ գործունէութիւն ծաւալող երկու գերմանացի եւ մէկ ֆրանսացի բժիշկներ հաստատած են, որ տասնեակ քիւրտ զինեալներ ու քաղաքացիներ դիմած են հիւանդանոց, որոնց մօտ նկատուած է շնչառութեան դժուարութիւն, աչքի բիբի ընդլայնում, ինչպէս նաեւ մաշկի վրայ կարմիր հետքեր, որոնք բոլորն ալ կ'ապացուցեն, թէ թրքական ուժերը Աֆրին քաղաքը թիրախաւորած են քլոր պարունակող ռումբերով:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին համաձայն, բժիշկները քլորային թունաւորման դէմ դեղեր տուած են հիւանդներուն, որմէ ետք վերջիններս բուժուած են, բան մը, որ կտրուկ համոզում առաջացուցած է անոնց մօտ:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, վիրաւորներէն 38-ը կիներ էին,  16-ը՝ երեխաներ, իսկ մնացեալը զինեալներ են:

Ինչ կը վերաբերի թրքական կողմին, վերջինս հերքած է քլորային զէնքեր կիրառելու փաստը, շեշտելով, որ Թուրքիա միայն հրասայլերու եւ թնդանօթներու միջոցով կը պայքարի քիւրտերու դէմ: