image

Ըստ Պուսայնա Շաապանի Սուրիոյ պաշտպանական ուժերը իսրայէլեան տասնեակ հրթիռներ խոցած են

Ըստ Պուսայնա Շաապանի Սուրիոյ պաշտպանական ուժերը իսրայէլեան տասնեակ հրթիռներ խոցած են

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտնած է, որ այն խօսքերը, զորս կը տարածէ Իսրայէլ այն մասին, թէ իսրայէլեան օդանաւը խոցելու որոշումը Իրանի կողմէ կայացուած է, բոլորն անհիմն են, որովհետեւ իսրայէլեան օդանաւը ցած բերուած է Սուրիոյ պաշտպանական ուժերուն կողմէ այնպէս, ինչպէս անցեալին տասնեակ հրթիռներ եւս խոցուելով իրենց թիրախին հասնելէ ետ պահուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Մայատին» կայանը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Շաապան շեշտած է, որ Իսրայէլ ներկայիս անել կացութեան մատնուած է, որովհետեւ հասկցած է, որ իր ունեցած ողջ զինամթերքն անզօր է Սուրիոյ պաշտպանութեան ուժերուն դիմաց: