image

Իտլիպի մէջ «Նուսրա» ջախջախիչ հարուած ստացած է

Իտլիպի մէջ «Նուսրա» ջախջախիչ հարուած ստացած է

Սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներ յայտնած են, որ Իտլիպի Տարքուշ շրջանին մէջ անյայտ անձեր «Թահրիր Ալ Շամ» խմբաւորման ղեկավարներէն մէկն սպանած են: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, Ապու Եամէն կոչուած ահաբեկիչի ինքնաշարժը, որուն մէջ կային նաեւ իրեն ենթակայ հինգ զինեալներ, կրակոցներու եւ ձեռնառումբերու տարափի ենթարկուելով սպաննուած են:

Նշուած է նաեւ, որ 7 այլ անձեր նոյնպէս սպաննուած են ռումբի մը պայթումին հետեւանքով, եւ տասնեակներ վիրաւորուած են Իտլիպի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած պայթումներու հետեւանքով: