image
Հրատապ լուրեր:

Աֆրին-Ազէզ ճանապարհի մօտ գետնուղի բացայայտուած է. ինչի՞ համար կ'օգտագործուէր

Աֆրին-Ազէզ ճանապարհի մօտ գետնուղի բացայայտուած է. ինչի՞ համար կ'օգտագործուէր

Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող «Ձիթենիի Ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս, թրքական ուժերու եւ սուրիական Ազատ բանակի անդամները Քասթալ Ճընտօ գիւղին մէջ 6 մեթր խորութեամբ գետնուղի (Tunnel) յայատնաբերած են: Այս մասին լիբանանեան «Ալ-Տիար»ի համաձայն կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Գործակալութեան տուեալներով, գետնուղին փորուած է երկու յարկանի շէնքի տակ` Աֆրինն ու  Ազէզը  իրար կապող ճանապարհին մօտ: Նոր յայտնաբերուած գետնուղիին երկարութիւնը  50 մեթր է:

«Անատոլու»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, Սուրիական ազատ բանակի սպան ըսած է, որ իրենք յաջողած են սպաննել գետնուղիի մէջ գտնուող 2 քիւրտ զինեալներ եւ ուրիշ երկուք մըն ալ  ձերբակալալ:

Կը նշուի, որ «Ձիթենիի ճիւղ»ի ուժերը, երկու օր առաջ նոյն գիւղին մէջ  գետնէն չորս մեթր խորութեամբ գտնուող՝ գետնուղիներու ցանց եւ թաքստոցներ յայտնաբերած են, որոնք կ'օգտագործուէն պաշտպանուելու համար  թուրք զինեալներու կողմէ իրականացուող օդային յարձակումներէն: