image

Թուրքիոյ ռազմական կարողութիւնն ըստ «Global Firepower»ի

Թուրքիոյ ռազմական կարողութիւնն ըստ «Global Firepower»ի

Միջազգային ռազմական ուժերու չափի գնահատմամբ զբաղող «Global Firepower» կայքին փոխանցմամբ, թրքական բանակը աւելի քան 400 հազար զինծառայող, ինչպէս նաեւ 3700-է աւելի հարասայլ, ու 10 հազարի հասնող այլ ռազմական տեխնիկա ունի:

Կայքը նշած է նաեւ, որ Թուրքիա աւելի քան 10 հազար կործանիչ օդանաւ ունի, իսկ անոր ծովային զինուժը բաղկացած է հարիւրէ աւելի ռազմանաւերէ:

Հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ ռազմական պիւտճէն չի գերազանցեր 18 միլիառ տոլարը, սակայն ան միշտ իր գործողութիւններու իրականացման համար իր յոյսը արեւմտեան երկիրներուն վրայ կը դնէ: