image

Ռաքքայի մասին ահասարսուռ լուրեր. Քաղաքին մէջ թաղուած են տաս հազար դիակներ

Ռաքքայի մասին ահասարսուռ լուրեր. Քաղաքին մէջ թաղուած են տաս հազար դիակներ

Սուրիոյ Դատական բժշկութեան գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Զահէր Հաճճօ յայտնած է, որ ըստ իրենց ձեռք բերած տուեալներուն, Ռաքքայի խմբակային գերեզմաններուն մէջ աւելի քան 10 հազար դիակ թաղուած է:

Սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Հաճճօ նշած է, որ քաղաքի խմբակային գերեզմաններէն մէկուն մէջ մօտ 4 հազար դիակ թաղուած է, միաժամանակ շեշտելով, որ Առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի հաւանութիւն տուած է յանձնաժողով ստեղծելու, դուրս բերուած մասունքները ճանաչման ներկայացնելու համար:

Ըստ Հաճճոյի, դիակները ճանառման պիտի ներկայացուին սկսած ակռաներու, այուհետեւ ոսկորներու եւ ի վերջոյ DNA-ի քննութեամբ: