image

«Տահէշ»ի եւ ժամանակակից նացիստներու քարոզչութեան տարբերութիւնը

«Տահէշ»ի եւ ժամանակակից նացիստներու քարոզչութեան տարբերութիւնը

Լոնտոնի մէջ գործող ծայրայեղականութեան դէմ պայքարող ռազմավարական երկխօսութեան հիմնարկի մասնագէտներէն Ժագոբ Տիւի յօդուածով մը անդրադարձած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ու ժամանակակից նացիստներու քարոզչութիւններու տարբերութեան:

Յօդուածագիրին կարծիքով, «Տահէշ»ի քարոզչութեան գլխաւոր գործիքը ընկերային ցանցերն են, սակայն անցնող տարուան վերջերը ժամանակակից նացիստները նոյնպէս անդրադարձան այդ մեթոտի արդիւնաւէտութեան ու սկսան իրենց գաղափարները տարածել ընկերային ցանցերու միջոցով, բան մը, որ պատճառ դարձաւ «Թուիթըր»ի կողմէ «մաքրագործում» կոչուող գործողութեան դիմելու, նպատակ ունենալով փակել բոլոր այն էջերը, որոնք ծայրայեղական գաղափարներ կը քարոզեն, սակայն մինչեւ օրս տակաւին նման էջեր գոյութիւն ունին ու կը գործեն:

Բրիտանական «Independent» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ Տիւի նշած է նաեւ, որ «Տահէշ»ի ու ժամանակակից նացիստներու քարոզչութեան միջեւ եղած տարբերութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ոչ բոլոր էջերն ու կայանները հասանելի են բոլորին, ու անոնք գաղտնի կերպով կը տարածեն իրենց գաղափարներն ու կը մշակեն իրենց ահաբեկչական ծրագիրները, մինչդեռ ժամանակակից նացիստներու կայքէջերն ու ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած էջերը բացայայտ են, ու ոեւէ անձի համար շատ հեշտ է անոնց գաղախարախօսութեան ծանօթանալը: