image

Սէյտնայայի բանտի տնօրէնին մահուան պատճառները կը շարունակեն անյայտ մնալ

Սէյտնայայի բանտի տնօրէնին մահուան պատճառները կը շարունակեն անյայտ մնալ

Սուրիոյ կառավարական ուժերուն համակիր էջեր յայտարարած են, որ երկու օր առաջ Սէյտնայայի ռազմական բանտի տնօրէն Մահմուտ Ահմատ Մաաթուք անյայտ պայմաններու մէջ կեանքէ հեռացած է:

Ըստ Մաաթուքի ընտանիքին մօտիկ աղբիւրներու, վերջինս զոհուած է Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններէն Հարասթայի մէջ ընթացող մարտերու ժամանակ:

Այլ աղբուրներու փոխանցմամբ, Մաաթուքի մահուան պատճառը սրտի կաթուածը եղած է:

Նշենք, որ  Մահմուտ Ահմատ Մաաթուք 2013 թուականի կէսերէն ստանձնած էր Սէյտնայայի ռազմական բանտի տնօրէնի պաշտօնը: