image
Հրատապ լուրեր:

Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահափորձին մասին. Նոր տուեալներ

Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահափորձին մասին. Նոր տուեալներ

Տասնամեակներու լռութենէ ետք լրատուամիջոցները անդրադարձած են 1981 թուականին Նիւ Զելանտիա կատարած այցի ընթացքին Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին ենթարկուած մահափորձի մանրամասներուն:

Նիւ Զելանտական «Stuff» ամսագիրը մանրամասնօրէն հրապարակած է լրագրողական քննութիւններու արդիւնքները, նշելով, որ թագուհիին կեանքը վտանգի տակ էր այն պահուն, երբ Քրիսթոֆըր Ճոն Լիուիս անունով 17-ամեայ պատանին փամփուշտ արձակեց վերջինիս ինքնաշարժէն իջած պահուն:

Աղբիւրը դէպքի վայրին մէջ գտնուողներու վկայութեամբ նշած է, որ վերջիններս լսած են կրակոցի ձայնը, սակայն թագուհին ոչ մէկ ուշադրութիւն դարձուցած է անոր, մինչդեռ ոստիկանութեան պնդմամբ, ձայնի աղբիւրը անվտանգ պայթուցիկներու արձակումն էր:

Ամսագիրին հաւաստմամբ, դէպքէն ութ օր անց, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Լիուիս եւ երկու այլ պատանիներ, որոնք դէպքի պահուն իր հետ էին: Լիուիս ոստիկանութեան ցոյց տուած է այն հրացանը, որմէ արձակած է կրակոցը:

Հարցաքննութիւններու ժամանակ մեղադրեալը ոչ համընկնող ցուցմունքներ տուած է, նշելով, որ ինք «Ազգային ժողովրդական կայսերական բանակ»ի հրամանատարն է, որ բազմիցս սպառնացած է, թէ Բրիտանիոյ թագուհիի այցի ժամական պիտի սպաննէ զինք:

Նիւ Զելանտական իրաւասու մարմիններու փոխանցմամբ, վերջիններս փորձած են թաքցնել տեղի ունեցածը այն մտավախութեամբ, որ թագուհին կրնայ այլեւս չայցելել իրենց երկիրը, հետեւաբար պատանիին նախնական խոստովանական ցուցմունքները անհետացած են: