image

Սուրիոյ բանակը Թուրքիոյ կողմէ օժանդակուող խմբաւորման յարձակում մը խափանեց

Սուրիոյ բանակը Թուրքիոյ կողմէ օժանդակուող խմբաւորման յարձակում մը  խափանեց

Սուրիոյ պաշտօնական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Իտլիպի արուարձանին մէջ Սուրիոյ բանակը Թուրքիոյ կողմէ օժանդակուող «Թիւրքիստանի կուսակցութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման յարձակում մը խափանած է:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, խմբաւորման զինեալները փորձած են ներթափանցել Իտլիպի արուարձաններուն մէջ Սուրիոյ բանակին ենթակայ շրջաններ, խափանելու համար բանակի յառաջխաղացումը դէպի Ապու Ալ Զուհուր ռազմական օդակայան:

Բանակի հրամանատարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թիւրքիստանի կուսակցութիւն» խմբաւորման զինեալներն իրենց ուժերը հաւաքելով Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանէն ու Ճսր Ալ Շուղուրէն եկած ու իրենց ռազմական մեքենաներով կեդրոնացած են Իտլիպի արուարձանին մէջ: