image

Թուրքիայէն Լիպիա զէնք մաքսանենգող նաւ մը «կալանք»ի տակ

Թուրքիայէն Լիպիա զէնք մաքսանենգող նաւ մը «կալանք»ի տակ

Յունաստանի Կրեթէ կղզիի ափերուն մօտ յոյն իրաւապահները Թանզանիայի դրօշի տակ դէպի Լիպիա ուղեւորուող նաւ կանգնեցուցած են, որուն մէջ մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթեր եւ զինամթերք յայտնաբերուած է 

Յայտնի դարձած է, որ անոնք նաւ բեռցուած են Թուրքիոյ Մերսին եւ Իսքանտարուն քաղաքներու նաւահանգիստներուն մէջ, կը գրէ բրիտանական Reuters  գործակալութիւնը:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ն ու Եւրամիութիւնը 2011 թուականին արգելք սահմանած էին ներքին պատերազմի մէջ գտնուող Լիպիային զէնքի ու զինամթերքի վաճառքի վերաբերեալ:

Գործի վերաբերեալ ձերբակալուած են նաւի անձնակազմի 4 անդամ, որոնցմէ մէկը՝ Ուքրանիոյ, երկուքը՝ Հնդկաստանի եւ մէկը Ալապնիայի քաղաքացիներ են:

Յոյն իրաւապահները յայտնած են, որ նաւի տէրը անձնակազմին հրահանգած է բեռը հասցնել Լիպիայի Մսրաթա նաւահանգիստ: