image

Հրդեհի ծանր դէպք Լիբանանի մէջ. Ընտանիքի մը երեք անդամները զոհուեցան

Հրդեհի ծանր դէպք Լիբանանի մէջ. Ընտանիքի մը երեք անդամները զոհուեցան

«Only Lebanon» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, երէկ՝ երեքշաբթի օր Լիբանանի Զէյտանիէ շրջանի բնակչուհի Հայֆա իր սովորութեան համաձայն իր երկու դուստրերը տունը մինակ ձգելով շուկայ գացած է:

Մօր մեկնելէն վայրկեաններ անց տան վառարանը բռնկելով հրդեհ առաջացուցած է, զոր տեսնելով աղջնակները փախուստի դիմած ու փրկուած են, սակայն հրդեհը չէ խնայած Հայֆայի դրացի Ալ Քոշ ընտանիքի երեք անդամները՝ մայրը, որդին ու դուստրը, մինչդեռ ընտանիքի երկու այլ անդամներ ծանր վէրքեր ստանալով հիւանդանոց տեղափոխուած են:

Կայքին փոխանցմամբ, տեղի ունեցածը Զէյտանիէ շրջանի բնակչութեան զայրոյթի պատճառ հանդիսացած է: Վերջիններս մեղադրած են Հայֆան անհոգութեան մէջ, ու պահանջած պատիժի ենթարկել զայն: