image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞վ պիտի կործանէ Թուրքիան. Էրտողան «ցուցմունքներ» տուաւ

Ո՞վ պիտի կործանէ Թուրքիան. Էրտողան «ցուցմունքներ» տուաւ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան քննադատած է Ամերիկայի կողմէ թուրք լումայափոխի մը դէմ գործի յարուցումը, «քաղաքական յեղաշրջում» որակելով կատարուածը, որ միաժամանակ կ'իրականացուի «CIA»ի եւ «FBI»ի կողմէ եւ նպատակ ունի կործանել Թուրքիան: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Նշենք, որ ԱՄՆ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ղեկավարուող դրամատուներէն մէկուն աշխատակիցին դէմ մեղադրանք ուղղած էր, ըստ որուն վերջինս կը խափանէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու կիրառումը:

Այս առթիւ Էրտողան խորհրդարանի մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, որ «CIA», «FBI» եւ Կիւլէնի շարժումը համագործակցաբար նշուած խնդիրը կը շահարկեն, նպատակ ունենալով կործանել Անգարան: