image

Իրանեան բեռնատար նաւը կրնայ պայթիլ եւ աղէտ ստեղծել

Իրանեան բեռնատար նաւը կրնայ պայթիլ եւ աղէտ ստեղծել

Արեւելեան Չինաստանի ծովուն մէջ անցնող շաբաթ օրուընէ ի վեր հրդեհի ենթարկուած իրանեան նաւթի փոխադրանաւը պայթելու վտանգի առջեւ կանգնած է, որ կրնայ քառորդ դարէ ի վեր ամենավտանգաւոր աղէտը համարուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Չինաստանի Երթեւեկութեան նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, փրկարար ծառայութիւնները մինչեւ այս պահը կը փորձեն դէպքի վայր հասնելու միջոց գտնել, սակայն կրակն ու անկէ արձակուող թունաւոր կազերը կ'արգիլեն անոնց տեղաշարժը:

Նշենք, որ մինչեւ այս պահը փրկարար ուժերը փոխադրանաւի 32 հոգինոց անձնակազմէն միայն մէկ հոգիի դիակ կրցած են դուրս բերել ծովէն: