image

Թրամբի դէմ գրուած «Կրակ ու զայրոյթ» գիրքէն 3 միլիոն օրինակ վաճառուած է

Թրամբի դէմ գրուած «Կրակ ու զայրոյթ» գիրքէն 3 միլիոն օրինակ վաճառուած է

ԱՄՆ նախագահ Թրամբի դէմ ուղղուած «Կրակ եւ զայրոյթ» գիրքը, որուն հեղինակը ամերիկացի լրագրող Մայքըլ Ուոլֆ է, 3 միլիոն օրինակով արդէն վաճառուած է:

Ուոլֆ բրիտանական «BBC» ցանցին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ Թրամբ իր պաշտօնին արժանի անձ չէ, եւ գիրքին մէջ բացայայտուած ճշմարտութիւնները վերջ պիտի դնեն անոր իշխանութեան:

Թրամբ իր հերթին հերքած է գիրքին մէջ նշուած տեղեկութիւնները, յայտնելով, որ կը պատրաստուի դատի տալ հեղինակը:

Միւս կողմէ գիրքին հեղինակը պնդած է, որ ինք ձայնագրութիւններ, ելեկտրոնային նամակներ ու այլ ապացոյցներ ունի, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան 200 աշխատակիցի, ինչպէս նաեւ անձամբ Թրամբի հետ հարցազրոցներ ունեցած է, որոնք բոլորը որպէս իր գրածները հաւաստիացնող փաստ կրնան ներկայացուիլ: