image

Նաճրանի ուղղութեամբ պալիսթեան հրթիռ. Պըն Սըլման մտահոգ

Նաճրանի ուղղութեամբ պալիսթեան հրթիռ. Պըն Սըլման մտահոգ

Սէուտական Արաբիոյ Նաճրան շրջանին վրայ «Անսար Ալլահ» շարժման կողմէ արձակուած հրթիռէն ետք ուրբաթ ետեկոյեան գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալման երկրի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի նիստ հրաւիրած է, կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Միւս կողմէ Եէմէնի իշխանութեան օրինականութեան պաշտպան դաշինքի պաշտօնական խօսնակ զօրավար Թուրքի Ալ Մալիքի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով մանրամասներ հաղորդած է արձակուած հրթիռին մասին, միաժամանակ շեշտելով, որ յառաջիկայ ժամանակահատուածը շատ ծանր պիտի ըլլայ ոչ միայն Սէուտական Արաբիոյ, այլեւ բոլոր այն երկիրներուն համար, որոնք ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ կը պայքարին Եէմէնի ժողովուրդին դէմ, որոնցմէ առաջինը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն է: