image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակէն ներս նոր դաւադրութի՞ւն. Al Diar

Սուրիոյ բանակէն ներս նոր դաւադրութի՞ւն. Al Diar

Սուրիոյ մէջ վերջին ժամերուն կառավարութեան համակիր ուժեր լուրեր տարածած են այն մասին, որ Սուրիոյ կառավարական բանակի եւ «Հըզպալլա»ի համատեղ ուժերով Դամասկոսի Արեւմտեան Ղութայի ազատագրումէն եւ դէպի Արեւելեան Ղութա տեղաշարժէն ետք «Ֆաթհ Ալ Իսլամ» եւ «Ահրար Ալ Շամ» խմբաւորումները հակադարձ յարձակմամբ մը կարողացած են Հարասթա քաղաքի գլխաւոր կեդրոններն ու «Ալ Մարքապաթ» կոչուող ռազմակայանն իրենց տիրապետութեան տակ վերցնել, բան մը, որ առիթ տուած է ենթադրելու, թէ բարձրաստիճան սպաներու կողմէ խոշոր դաւադրութիւն մը տեղի ունեցած է բանակին ներսը, եւ անգամ Պաշտպանութեան նախարարին մեղսագրուած է դաւադրական արարքը, սակայն այդ մէկը հերքուած է պաշտօնական Դամասկոսի կողմէ:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, «Ալ Մարքապաթ» ռազմակայանն այնքան անառիկ ու պաշտպանուած էր, որ առանց դաւադրութեան անկարելի էր այն գրաւել, եւ եթէ սուրիական ու ռուսական համատեղ ուժերը օդային հարուածներ չհասցնէին, զինեալ ահաբեկիչներ Արւեմտեան Ղութայի մէկ մասին նոյնպէս կը վերատիրանային: