image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր «խոշորագոյն վնասը» կը կրէ

Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր «խոշորագոյն վնասը» կը կրէ

Ռուսական «Kommersant» օրաթերթը նշած է, որ 31 դեկտեմբերին Սուրիոյ Հմէյհէմ ռազմակայանին վրայ ահաբեկիչներու կողմէ արձակուած հրթիռները նուազագոյնը եօթ ռուսական օդանաւեր թիրախաւորած են:

Օրաթերթին փոխանցմամբ, ծայրայեղական իսլամիստներու կողմէ իրագործուած յարձակման հետեւանքով Ռուսիոյ զինուած ուժերը 2015 թուականէն մինչեւ օրս իրենց խոշորագոյն նիւթական վնասը կրած են, ինչպէս նաեւ աւելի քան 10 ռուս զինուորներ վիրաւորուած են:

Նշուած է նաեւ, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դէպքին մասին ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: