image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հօրաքոյրը պիտի ենթարկուէր մահափորձի. Նոր տուեալներ

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հօրաքոյրը պիտի ենթարկուէր մահափորձի. Նոր տուեալներ

Լիբանանի մէջ ռազմական նախաքննութեան դատաւորը որոշում հրապարակած է պատգամաւոր Պահիյէ Հարիրիի դէմ մահափորձ կազմակերպելու մէջ մեղադրուող Մուհամմատ Մուսթաֆա Ալ Տապէթի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, ամբաստանեալ Մուհամմատին իսրայէլեան Մոսատը երեք յանձնարարութիւն տուած էր, որոնցմէ առաջինը Լիբանանի մէջ կուսակցութիւններու կեդրոններ տեսանկարահանելն էր, երկրորդը՝ «Հըզպալլա»ի անդամներու եւ ղեկավարներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելը, իսկ երրորդը՝ պտգամաւոր Պահիյէ Հարիրիի տեղաշարժին հետեւիլն ու վեջինս սպանելով երկրրին մէջ խառնակ վիճակ ստեղծելն է, որ եւ ճամբայ պիտի հարթէր վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին:

Դատարանին կողմէ ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն, ամբաստանեալը մշտական կապի մէջ էր Մոսատի լիբանանցի գործակալ Ուալիտ Ալ Նաքուզիի հետ, որ Իսրայէլ կը բնակի, եւ որմէ կը ստանար իր հրահանգներն ու դրամական փոխանցումները:

Մուհամմատ հարցաքննութեան ժամանակ խոստովանած է, որ կատարած է իրեն վստահուած առաջին յանձնարարութիւնն ու լիբանանեան կուսակցութիւններու կեդրոններ տեսանկարահանելով տեսագրութիւնները ղրկած է Նաքուզիին:

Միաժամանակ ամբաստանեալը դատարանին յայտնած է, որ ինք իրեն վստահուած երկրորդ յանձնարարութիւնը չէ կատարած, աւելին, ան «Հըզպալլա»ի ղեկավարներէն մէկուն պատմած է Իսրայէլի կողմէ իրմէ պահանջուած գործողութիւններուն մասին, որոնցմէ են «Հըզպալլա»ի ղեկավարներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելն ու պատգամաւոր Հարիրին սպաննելը:

Դատարանը բաւարար համարած է ամբաստանեալը մեղադրելու հիմքերը, եւ վերջինիս գործը ուղարկած է ռազմական դատարան, դատավճիռի կայացման համար: