image

Հազարաւոր իրանցիներ զօրակցութեան ցոյցի կը մասնակցին

Հազարաւոր  իրանցիներ        զօրակցութեան  ցոյցի  կը մասնակցին

Զօրակցութեան   ցոյց   տեղի կ'ունենայ Իրանի  մէջ  եւ   Թեհրանի  փողոցները  ողողուած են հազարաւոր   ցուցարարներով:

 Այս մասին կը հաղորդէ «Ռօյթըրզ»  լրատուական    գործակալութիւնը,  որ նաեւ կը   յայտնէ, թէ   իրանցիներ     այս ցոյցին կը մասնակցին որպէս  զօրակցութիւն երկրի իշխանութեանց:

 

 Յիշեցնենք, որ անցնող  օրերուն  ընթացքին         երկրի  աւելի քան   քառասուն քաղաքներուն  մէջ  բողոքի ցոյցեր  տեղի ունեցած էին:  Բողոքարարները       ցասումի   խօսքեր   կը հչեցնէին    երկրի իշխանութիւններուն դէմ:   Գրանցուած  էին բախումներ,  որոնց ընթացքին  ալ       զոհերուն թիւը հասած էր  22-ի:      կայանին փոխանցմամբ  անցնող   հինգ օրերուն ընթացքին   երկրին  մէջ  ձերբակալուածներուն թիւը  հասած էր  450-ի: