image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան իսրայէլցիներու պատկանող ընկերութիւններէ ծխախոտ կը ներմուծէ

Լիբանան իսրայէլցիներու պատկանող ընկերութիւններէ ծխախոտ կը ներմուծէ

2013 եւ 2015 թուականներուն Լիբանանի մէջ Ծխախոտի գոյքագրման կառավարման վարչութեան յայտարարած երկու նուազուրդներուն արդիւնքով իսրայէլցիներու կողմէ տնօրինուող պրազիլեան ընկերութիւն մը շահած է դէպի Լիբանան ծխախոտ արտածելու բացարձակ իրաւունքը, այնուհետեւ, ըստ «Ալ Ախպար» թերթին, երբ ճշմարտութիւնը բացայայտուած է, ընկերութիւնն ինքզինք լուծարելով 2016 թուականին փոխուած անունով «Ռիժի» ընկերութեան յայտարարած նուազուրդը շահելէ ետք, յառաջիկայ տարուան սկիզբը նոր նուազուրդի մասնակցելու կը պատրաստուի:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ներկայիս մտահոգուհութիւն կայ, թէ 2018 թուականի սկիզբը յայտարարուելիք նուազուրդը կրնայ շահիլ Իսրայէլի հետ կապեր ունեցող «Կուկլի» ընկերութիւնը, որ 2016 թուականէն ի վեր «Ռիժի» ընկերութեան հետ կը համագործակցի: