image

Թուրքիա օտարերկրացի «Տահէշ»ականներու համար «ապահով» վայր է. «The Times»

Թուրքիա օտարերկրացի «Տահէշ»ականներու համար «ապահով» վայր է. «The Times»

Բրիտանիա մտահոգութիւն յայտնած է, որ ներկայիս Թուրքիա գտնուող «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման բրիտանացի անդամները կրնան երկիր վերադառնալ:

Ըստ բրիտանական «The Times» թերթին, «Տահէշ»ի շարքերուն միացած հարիւրաւոր բրիտանացիներ ներկայիս Թուրքիա կը գտնուին: Թերթին հաղորդած լուրը առաւել մեծ տագնապի մատնած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրները, թէ վերջիններս կրնան տուն վերադառնալ ու իրենց ահաբեկչական գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ ծաւալել:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման շրքերուն միացած 850 բրիտանացիներէն 400-ը Բրիտանիա վերադարձած են, 300-ը Իրաքի ու Սուրիոյ ազատագրման մարտերու ժամանակ փախուստի դիմելով Թուրքիա ապաստանած են, մինչդեռ 130-ը սպաննուած է: