image
Հրատապ լուրեր:

«Պատրաստ ենք մեր ներուժով Սուրիա վերադառնալ». Ռուս զօրավար

«Պատրաստ ենք  մեր ներուժով Սուրիա վերադառնալ». Ռուս զօրավար

Այն բանէն ետք, երբ ԱՄՆ յայտարարեց, թէ իր զօրքերը պիտի չհեռացնէ սուրիական հողերէն, որոնց 25 առ հարիւրն իր տիրապետութեան տակ առած է, Ռուսիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը յայտարարած է, որ իրենց բանակը անցնող երկու տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման 70 հազար անդամներէն 60 հազարն սպանած է, այդպիսով ջախջախելով խմբաւորման ողնաշարը, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը: Ռուս հրամանատարը միաժամանակ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները ահաբեկչական խմբաւորման մնացեալ 10 հազարը թաքցնելու մէջ:

Ռուս հրամանատարը շեշտած է, որ ռուսական ուժերը պիտի չհարուածեն Դամասկոսի շրջակայքի ահաբեկիչները, եւ ոչ ալ մայրաքաղաք պիտի մտնեն կամ Յորդանանի ուղղութեամբ յարձակում գործեն, որովհետեւ Ռուսիոյ օդուժը չի ցանկար բախում ունենալ իսրայէլեան օդուժին հետ:

Միաժամանակ հրամանատարը կարծիք յայտնած է, որ եթէ Սուրիոյ բանակը Թուրքիոյ հետ իր ամբողջ սահմանի երկայնքով տեղակայուած ուժերը այնտեղէն հեռացնէ, 65 հազար զինուորէ բաղկացած նոր ուժ պիտի ունենայ, ահաբեկիչներուն դէմ դուրս գալու նպատակով:

Հրամանատարն իր խօսքի աւարտին շեշտած է, որ եթէ Սոչիի բանակցութիւնները խափանուին ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, այդ ժամանակ ռուսական զօրքը նախագահ Փութինի հրամանին պիտի սպասէ, առաւել խոշոր ուժով վերադառնալու, առանց մայրաքաղաք հասնելու: