image

Ինչու Թրամբ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցաւ

Ինչու Թրամբ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցաւ

«Սփութնիք» լրատուական կայքը, վկայակոչելով տարբեր լրատուամիջոցներէ ձեռք բերած տեղեկութիւնները, յայտնած է, որ Թրամբ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցաւ այն բանէն ետք, երբ Իսրայէլի հետ գաղտնի գործարք կնքեց:

Աղբիւրը նշած է, որ Թրամբ նախապէս խոստացած էր նախագահական պաշտօնն ստանձնելէ ետք ԱՄՆ դեսպանութիւնը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխել:

Բացի անկէ, ԱՄՆ եւ Իսրայէլ 2016 թուականի սեպտեմբերին ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր կնքած էին, ըստ որուն ԱՄՆ կը պարտաւորուէր 38 միլիառ տոլարի ռազմական օգնութիւն տրամադրել Իսրայէլին:

Նշուած է նաեւ, որ Թրամբ ներկայիս կը քննարկէ յիշեալ ռազմական օգնութեան չափն աւելցնել, սակայն փոխարէնը Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուէն կը պահանջէ այնպիսի զիջումներ կատարել, որոնք կը գոհացնեն ԱՄՆ-ի մէջ ռազմամթերքի արտադրութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարող մեծահարուստները:

Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, ԱՄՆ նախագահի պայմանն է, որ Իսրայէլ իր զինամթերքի 75 տոկոսը ձեռք բերէ ամերիկեան շուկայէն: