image

Նախագահ Ասատի միջամտութեամբ ռուս սպան փրկուեցաւ Փութինի պատիժէն

Նախագահ Ասատի միջամտութեամբ ռուս սպան փրկուեցաւ Փութինի պատիժէն

Սուրիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Ահմատ Շլաշ յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի Հմէյհէմ ռազմակայան կատարած այցի պաշտօնական արարողութեան ժամանակ ռուս սպաներէն մէկուն պատճառով Ասատ ետ մնալով չէ կրցած ուղեկցիլ Փութինին:

Խնդիրն այն է, որ ռուս սպան, որ արդէն հանգստեան կոչուելու տարիքին հասած է, փորձած է մօտենալ նախագահ Ասատին ու խնդրել, որ միջնորդէ Փութինի մօտ՝ իր աշխատավարձքն աւելցնելու եւ ռազմական ծառայութիւնը երկարաձգելու համար:

Այդ պահուն Փութին առանձին առաջացած է, որմէ ետք տեսագրութիւնը դիտելով զայրացած ու որոշած է պատժել, սակայն Ասատի միջամտութեամբ վերջինս փրկուած է պատիժէն: