image

Քիւրտերը Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան վեհաժողովին հրաւիրելու բանակցութիւններ

Քիւրտերը Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան վեհաժողովին հրաւիրելու բանակցութիւններ

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Օշաքով յայտարարած է, որ Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա հանդիպումը նպատակ պիտի ունենայ բանակցութիւններ իրականացնել, Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան վեհաժողովին քիւրտերը հրաւիրելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Օշաքով նշած է նաեւ, որ Սոչիի մէջ կայանալիք վեհաժողովի յստակ օրը տակաւին չէ որոշուած:

Վերջինս մանրամասնած է նաեւ, որ ռազմական ղեկավարները երեք երկիրներու պատուիրակութիւններուն հետ միասին պիտի ներկայանան եռակողմ հանդիպման: