image

ԱՄՆ Առողջապահութեան նախարարը լիբանանցի է

ԱՄՆ Առողջապահութեան նախարարը լիբանանցի է

Երէկ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ Առողջապահութեան նախարար նշանակած է արմատներով լիբանանցի Ալեքս Ազարը, որ դեղորայքի ընկերութիւններէն մէկուն տնօրէնն է, հակառակ անոր, որ իր նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ բուռն կերպով կը քննադատէր դեղորայքի ընկերութիւնները: Այս մասին կը գրէ «LBC» լրատուական կայքը:

Թրամբ իր թուիթըրեան էջին գրառում կատարած է, յայտարարելով Ազարի նշանակման լուրը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ վերջինիս շնորհիւ առողջապահութեան ոլորտը պիտի զարգանայ, իսկ դեղորայքի գիները պիտի նուազին:

Նշենք, որ Ալեք Ազար 10 տարի աշխատած է «Էլի Լիլլի» ընկերութեան մօտ, այնուհետեւ ստանձնած է ԱՄՆ-ի մէջ անոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը:

Ըստ «Election18» կայքին, Ալեք Ազար ծնած է 1967թ., անոր մեծ հայրը մօտ կէս դար առաջ Լիբանանէն գաղթած ու հաստատուած է ԱՄՆ: