image
Հրատապ լուրեր:

Տէր Զօրի մէջ զոհուած է Սուրիոյ բանակի ակնառու հրամանատարներէն մին

Տէր Զօրի մէջ զոհուած է Սուրիոյ բանակի ակնառու հրամանատարներէն մին

Երէկ, չորեքշաբթի օր, «Ալ Մայատին» կայանը յայտարարած է, որ Տէր Զօրի մէջ ընթացող մարտերու ժամանակ զոհուած է Տէր Զօրի պահակազօրի հրամանատար Իսամ Զահր Ալ Տին:

Սուէյտա նահանգէն Տուրզի համայնքի զաւակ Զահր Ալ Տին զոհուած է ականի պայթումի հետեւանքով:

Նշենք, որ Զահր Ալ Տինի անունը կ'առնչուի 2011 թուականէն Սուրիոյ բանակին կատարած շարք մը ռազմական գործողութիւններու հետ, որոնցմէ են Հոմսի մէջ Պապա Ամրոյի գործողութիւնն ու Դամասկոսի արուարձանին մէջ Ալ Թալլի գործողութիւնը:

Սուրիոյ լաւագոյն հրամանատար համարուող զօրավարի ստեղծած զօրագունդը մեծ նպաստ ունեցած է Սուրիոյ շարք մը շրջաններու ազատագրման գործին մէջ: