image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը յայտարարեցին Ռաքքայի ազատագրումը

Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը յայտարարեցին Ռաքքայի ազատագրումը

Քիւրտ, ասորի եւ արաբ զինեալներէ բաղկացած Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը  (PYD) յայտարարած են, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գլխաւոր ռազմակայան հանդիսացող Ռաքքա քաղաքն ամբողջութեամբ իրենց տիրապետութեան տակ է: Այս մասին կը գրէ «aljoumhouria.com»  պարբերականը:

Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու պաշտօնական խօսնակ Թալալ Սլօ «Ֆրանսբրէս»ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ Ռաքքայի մէջ ռազմական գործողութիւններն աւարտած են եւ քաղաքն այժմ իրենց տիրապետութեան տակ է:

Վերջինս նշած է, թէ ներկայիս ականազերծման եւ տարածքի զննման աշխատանքներ կ'իրականացուին, եւ հաւանաբար շուտով պաշտօնական յայտարարութեամբ պիտի հրապարակուի ազատագրման լուրը:

Աւելի ուշ ԱՄՆ Զինուած ուժերը յայտարարած են, որ հակառակ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերուն տարածած յայտարարութիւններուն, սակայն յստակ կերպով կարելի է բարձրաձայնել, որ քաղաքին 90 տոկոսը միայն ազատագրուած է «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման զինեալներէն: