image

Իրան մտադիր է ռազմական գործարան կառուցե՞լ Սուրիոյ մէջ. Թէլ Աւիւ մտահոգ

Իրան      մտադիր է ռազմական  գործարան  կառուցե՞լ    Սուրիոյ մէջ. Թէլ Աւիւ մտահոգ

 Իսրայէլեան «Երկրորդ ալիք»     կայանը    յատուկ ռէբորթաժ մը ցուցադրելով   փոխանցած է, թէ Իրանի  Իսլամական  հանրապետութիւնը ռազմական   կարեւոր համարուած  գործարան մը կը կառուցէ Սուրիոյ մէջ:  Աղբիւրը  իր փոխանցած   տեղեկութեան  յղում կատարած է «Ռօյթըրզ»  գործակալութեան յաւելելով նաեւ, որ   գործարանը     պատրաստուած պիտի ըլլայ մասնաւորապէս հռահար հրթիռներ  արտադրելու համար:

  Աւելի ուշ իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու  թեմային մասին խօսելով   ըսած է, թէիրենք մօտէն կը հետեւին Սուրիոյ մէջ տեղի  ունեցող   զարգացումներուն եւ   ցանկացած  պահու պատրաստ են հակազդելու: Նաթանիահու ըսած է, որ «Մենք լաւ գիտենք, որ Իրան  կը փորձէ ամէն գնով  իր դիրքերը զօրացնել Սուրիոյ  մէջ:Ու մօտէն կը հետեւինք բոլոր զարգացումներուն,  եւ ասկէ առաջ ալ  հաստատած ենք, որ  կտրականապէս դէմ ենք, որ Իրան   իր զինուորական ներկայութիւնը զօրացնէ շրջանին մէջ»: