image

Հալէպ. 11 հազար մեռեալ, 43 հազար վիրաւոր եւ 2700 անճանաչելի դիակ

Հալէպ. 11 հազար մեռեալ, 43 հազար վիրաւոր եւ 2700  անճանաչելի  դիակ

Սուրիոյ դատական բժշկութեան գլխաւոր տնօրէն Զահէր Հաճօն, Հալէպի մէջ 11 հազարէ աւելի մահուան եւ 43 հազար վիրաւորումի դէպքեր փաստագրած է, որոնք պատճառած են սուրիական ճգնաժամի ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու իրականացուցած հրթիռակոծումներն ու ոճրագործական գործողութիւները: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», աւելցնելով, որ Հաճոյի համաձայն, 2700 դիակներու ինքնութիւնը կը մնայ  չբացայայտուած:

«Ալ-Ուաթան» թերթին ըրած յայտարարութեան մէջ Հաճօ ըսած է. «Հալէպի մէջ բժշկական կեդրոն կար, փոքրիկ սենեակ մը համալսարանի հիւանդանոցին մէջ, ուր որեւէ գործիքներ եւ բժշկական սարքեր չկային: Մեզի հարիւրաւոր դիակներ կը բերէին, եւ միջին հաշուով օրական 150 մահուան պարագայ կ'արձանագրուէր:

Դատական ​​բժշկութեան տնօրէնը նշած է, որ այժմ յանձնախումբը կ'աշխատի ելեկտրոնային ծրագիրով փաստագրել բոլոր նահանգներէն ներս ե՛ւ մահացողներու, ե՛ւ ողջ մնացողներու տուեալները, աւելցնելով, «Այս ծրագիրին մէջ շուտով պիտի սկսինք բոլոր տուեալներու մուտքագրումը, ինչպէս նաեւ հին գրառուած տեղեկութիւնները, եթէ առկայ ըլլան: Ներկայիս տեղի կ'ունենայ դատաբժշկական աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ դատաբժիշկներու զեկոյցներու միաւորում, իւրաքանչիւր նահանգ իր առանձին զեկոյցը ունենալէն ետք: