image

Հալէպի ժողովուրդը նախագահ Ասատին բողոք ներկայացուց

Հալէպի ժողովուրդը նախագահ Ասատին բողոք ներկայացուց

Հալէպի ժողովուրդը հաղորդակցութեան ընկերային ցանցերու միջոցով կոչ ըրած է նախագահ Պաշար Ասատին, անձամբ միջամտել եւ լուծում տալ Հալէպի մէջ տիրող քաոսային վիճակին, ուր օրական երեւոյթ դարձած է Սուրիոյ պետութեան անունով գործող «ժողովրդական յանձնախումբ»ի զինեալ անդամնրու կողմէ քաղաքացիները ահաբեկելու եւ սպաննելու դէպքերը:

 Այս մասiն կը հաղորդէ «Ախպար Հալապ» կայքը, նշելով, որ  Հալէպի անվտանգ համարուող թաղմասերուն մէջ ժողովուրդի դէմ տասնեակ յանցագործութիւններ կատարուած են  «ժողովրդական յանձնախումբ»ի կողմէ: Իսկ վերջին 72 ժամուան ընթացքին Հալէպի բնակիչները՝ սպաննութեան, թալանի եւ նուաստացումի մեծ թիւով ոճիրներու ենթարկուած է «Շապիհա»ներու ձեռքին տակ, որոնք իրենց կրած զէնքի ուժին վստահելով, անտարբեր կը մանան եւ կ'անտեսեն պետական ղեկավարութեան որոշումները: