image

«Տահէշ» ամբողջութեամբ դատարկած է Ռաքքայի շարք մը թաղամասերը եւ հեռացած

«Տահէշ» ամբողջութեամբ դատարկած է Ռաքքայի շարք մը թաղամասերը եւ հեռացած

Ահաբեկչական «Տահէշ» կազմակերպութիւնը, երեքշաբթի գիշեր անակնկալ կերպով Ռաքքայի կարգ մը թաղամասերը ամբողջապէս դատարկած եւ հեռացած է՝ ցարդ անյայտ պատճառներով: Այս մասին քաղաքացիական աղբիւրներ յայտնած են «Սփութնիք» գործակալութեան:

Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ Ալ-Տըրհիյա թաղամասերը, Ալ-Ճազրա, Ալ-Հուայս, Ալ-Հաուայէճ, երկու կարմուրջներու միջին տարածքը, ինչպէս նաեւ Ռաքքա քաղաքի կեդրոնը ամբողջութեամբ զուրկ դարձած է ահաբեկչական կազմակերպութեան տարրերու եւ անոնց ընտանիքներու  որեւէ ներկայութենէ:

Աւելի վաղ «Տահէշ» կազմակերպութիւնը Ռաքքայի եւ Տէր Ալ-Զոր քաղաքներու եւ անոնց արուարձաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին պարտադրած էր գործակցիլ բացառապէս անոնց կողմէ թողարկուած ոսկեայ, արծաթեայ եւ  պղնձեայ մետաղադրամներով եւ արգիլած է անոնց այլ արժույթով փոխարինումը:

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթընի ղեկավարած Միջազգային դաշինքի աջակցութիւնը վայելող  «ժողովրդավարական Սուրիոյ» ուժերը կը փորձեն «Տահէշ»ի ձեռքէն ազատել եւ իր իշխանութեան տակ առնել Ռաքքան: Ան յաջողած էր իր իշխանութեան տակ առնել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող՝ Ալ-Թապքա ջրամբարի մօտ գտնուող օդուժի ռազմակայանը: