image

Բոլորդ փողկապաւոր ոճրագործներ էք. Սուրիացի լրագրողուհին «Ժընեւ 6»ի մասնակից ընդդիմութեան պատուիրակութեան

Բոլորդ փողկապաւոր ոճրագործներ էք. Սուրիացի լրագրողուհին «Ժընեւ 6»ի  մասնակից ընդդիմութեան պատուիրակութեան

Երեքշաբթի 16 մայիսին Ժընեւի մէջ, նախքան սուրիական բանակցութիւններուն նուիրուած «Ժընեւ 6» համաժողովի մեկնարկը, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի յատուկ անվտանգութեան աշխատակիցներ, սուրիական «Ալ-Իխպարիա» կայանի թղթակից Րուպա Ալ-Հաճլին դուրս հանած էին շէնքէն, գրաւելով անկէ սուրիական բանակցութիւնները լուսաբանելու թոյլտուութեան քարտը: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ լրագրողի վտարման պատճառ դարձած էր ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Տէ Միսթուրայի հետ հանդիպման համար Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղի ժամանած ընդդիմութեան պատուրակութեան անդամներուն հասցէին «վիրաւորական բառեր եւ հայհոյանքներ» հնչեցնելը:

Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի լրատուամիջոցներու գրասենեակը սուրիացի լրագրողը վտարելու որոշումը կայացուցած էր, ընդդիմութեան պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած բողոքին համաձայն, Հաճլիի պահուածքը որակելով անտեղի եւ «լրագրողական էթիքային» անհամապատասխան:

Անդրադառնալով միջադէպի մանրամասնութեան, աղբիւրը նշած է, որ Պատուրիակութեան մուտքի ժամանակ, ԱԼ-Հաճլի փորձած է հարցում ուղղել պատուիրակութեան նախագահ Նասըր Ալ-Հարիրիին, որմէ ետք քննադատական ոճով անոր ըսած է «շարունակեցէ՛ք լրտեսութեան եւ ահաբեկչութեան կոչեր ընել»: Նախագահի մուտքին յաջորդած էր պատուիրակութեան միւս անդամներու մուտքը, որոնց շարքին եղող «իսլմական բանակ»ի ղեկավար Մոհամմէտ Ալլուշին լրագրողը բարձրաձայն գոչած էր «ոճրագործ Ալլուշ» եւ ընդդիմադիր պտուիրակութեան մնացեալ անդամներուն դիմելով իր խօսքը ըսած էր՝ «Ցոյց տուէք ձեր ամենատգեղ կողմերը», «բոլորդ ոճրագործներ էք... պաշտօնական քոսթիւմներով փողկապաւոր յանցագործներ»: