
Սուրիացի դերասանուհի` Րաղտան այցելած է արեւելեան Հալէպի Քուայրէս ռազմական օդակայանը եւ հանդիպած է Սուրիոյ բանակի զինուորներուն հետ:
Րաղտա բանակի տղոց հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է.«Ձեզի համար պատրաստ եմ աշխարհը ծախելու: Այսքան ճանապարհ կտրած եմ կարօտս առնելու ոչ միայն ձեզմէ այլ նաեւ հողի իւրաքանչիւր հատիկէ, որ դուք օրհնած էք: Շնորհակալ եմ»:
Դերասանուհին «Անպաա Ասիա»ի տուած զրոյցի ընթացքին նաեւ ըսած է, «Չեմ գիտեր ինչպէս կը քնանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Չեմ գիտեր ինչպէս կ’ուտէ, կը խմէ, իր ընտանիքին հետ ժամանակ կ’անցընէ: Այս մարդը, որ մեծ պարտաւորութիւն կը կրէ իր վրայ, այսօր բախում կ’ունենայ աշխարհի մեծ ուժերուն դէմ, շատ բարդ պատերազմի միջոցաւ, բոլոր մակարդակներու վրայ՝ տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամ, եօթը տարի շարունակ պատերազմ: Հակառակ այս բոլորին, միշտ կը տեսնես հաւասարակշռուած, ժպիտը երեսը կը կատարէ իր գործերը: Ով է այս անձը, ինչպէս կրնայ այս ամէնը յաջողցնել»:
Ան իր խօսքի աւարտին աւելցուցած է. «Ես միշտ պաշտպանած եմ Սուրիոյ ժողովուրդը, բանակը, հայրենքը, եւ ոչ թէ յատուկ վարչակարգի մը: Այս մասին նոյնիսկ գիտեն բոլորը: Ոմանք համաձայն են , ոմանք ալ` ոչ»:













